Օրերս մեկնարկեց «Արեւելք»-ի «Անկեղծ Զրոյց» յայտագիրը, եւ այս առթիւ լրագրող Սագօ Արեան հարցազրոյց մը ունեցաւ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական համայնքի պետ՝ Վերապատուելի դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի հետ: Սելիմեան անդրադարձաւ Սուրիոյ մէջ տիրող իրավիճակին նշելով, որ «Սուրիան անցումային տեղ մը չէ սուրիահայութեան համար, որ երբ դժուարութիւն ունենաս կռնակ դարձնես անոր: Հիւրանոցի նման չէ, որ երբ այդտեղ ներկայացուած ծառայութիւնները չհաւնիս, հիւրանոցը փոխես: Չես կրնար ասպնջական Սուրիան փոխել երբ անիկա արիւնաքամ է» ըսաւ Սելիմեան։
Վեր. Սելիմեան մատնանշեց թէ «ունինք այլ կերպի ներխուժած նոր պատերազմի դրուածք: Այսօրուայ պատերազմը, սահմանափակումի, շրջափակումի եւ տարբեր ձեւի տնտեսական անկման պատերազմ է»:
Իսկ հայրենադարձութեան մասին, ան ըսաւ, թէ «Աւետարանչական ընկերակցութեան նախաձեռնութիւնով եւ մեր համայնքի եւ ընդհանրապէս սուրիահայ ժողովուրդի կամեցողութեամբ, բազմահարիւր հայ ընտանիքներ, տեղափոխեցինք մայր հայրենիք, եւ այդ մեզի համար համոզում էր, հայրենադարձութեան մէկ կարեւոր առիթ էր, որովհետեւ այդպիսով շատ մը ընտանիքներ պիտի փրկուէին»:
Վերապատուելին նաեւ նշեց, թէ պէտք է նաեւ նեցուկ կանգնիլ Սուրիա եւ Լիբանան ապրիլ, բնակիլ ու ստեղծագործել ուզող հայ ընտանիքներուն եւ անհատներուն, եւ անոնց օգնութեան ձեռք մեկնել եւ լրիւ ազատութիւնը իրենց վերապահել որոշում առնելու մէջ:
Վերապատուելին նաեւ եզրակացուց, որ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ հայութեան ներկայութիւնը միշտ ալ եղած է կարեւոր եւ ուղենշային ան, այս առումով եզրակացուց՝ «Այս օրհնեալ հողերուն վրայ ու երկիրներուն մէջ, քրիստոնէութեան վկայութիւնը մնայուն արձագանգող ներկայութիւն է, եթէ այսօր մենք ունեցանք տառապանք, պատերազմ, տարագրութիւն, մահ եւ հիմա տնտեսական տագնապ, անօթութիւն, սով, այս առաջին անգամը չէ մեր պատմութեան մէջ»:
Այս բոլորը եւ աւելին, կրնաք դիտել «Արեւելք» լրատուականի «Անկեղծ Զրույց» յայտագրի ամբողջական տեսանիւթով: